2012-10-24 12:57:07

<<Նոր Աւետարանութիւն>> Նիւթով Սիւնհոդոսական Աշխատանքներու 19րդ Նիստը:
Առաջադրանքներու Ներկայացում։


Երեքշաբթի 23 հոկտեմբերին, վատիկանի մէջ գումարուած (7-28 հոկտեմբեր) Նոր Աւետարանութեան նիւթով սիւնհոդոսի 19րդ նիստի ընթացքին, ներկայացուեցան սիւնհոդոսական հայրերու պատրաստած սիւնհոդսի խտացուած առաջադրանքները։ Արդարեւ ասոնց հիման վրայ է որ կը սերտուի սիւնհոդոսական վերջնական վաւերագիրը որ Սիւնհոդոսական հայրերը պիտի քուէարկեն յառաջիկայ շաբաթ 20 հոկտեմբերին։

Սիւնհոդսական 19րդ նիստի սկիզբը Վատիկանի Պետական քարտուղարը, կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն, խօսք առնելով վերահաստատեց Վատիկանի Պատուիրակութեան Սուրիայ այցելութիւնը ու այդ ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքները, ի հեճուկս քաղաքական կացութեան վատդարացումին։
Կարդինալ Պերթոնէն տեղեկացուց նաեւ թէ պատուիրակութեան այցելութիւնը առ այժմ յետաձգուած է ու տեղի պիտի ունենայ սիւնհոդոսի աշխատանքներու աւարտին։ Սիւնհոդոսական հայրերը ապա իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին ի լուր Գոնկոյի մէջ 3 միսիոնարներու առեւանգումին կոչ ուղղելով անոնց ձեռբազատումի ի խնսիր։

Նիստի ընթացքին ապա ներկայացուեցան սիւնհոդոսական աշխատանքներէն յառաջ եկած առաջադրանքները որ կը վերահաստատեն թէ <<Աւետարանութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է>> նա մանաւանդ աշխարհակայնացած եւ համաշխարայնականացած աշխարհի մը մէջ որ ճակատագրական մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի` ինչպէս կրօնական հալածաքներու կամ կրօնի հանդէպ անտարբերութեան մարտահրաւէրները։ Այս շրջագիծին մէջ կրօնական ազատութիւնը եւ մարդու հիմնական իրաւունքները կեդրոնական տեղ կը գրաւեն, որովհետեւ աւետարանը խաղաղութեան աւետում մըն է որ մարդուն կ՛օգնէ փախչելու արդիականացած աշխարհւի ստեղծած առանձնութէնէն - կը հաստատեն եպիսկոպոսները։

Սիւնհոդոսական առաջադրանքներէն ի յայտ կու գայ նաեւ զանգուածային լրատուական միջոցներու ուղիղ գործածութեան անհրաժեշտութիւնը ինչպէս նաեւ գաղթականներու պաշտպանութիւնը ու ասոր կից սրբութիւնը որպէս նոր աւետարանութեան կարեւոր մասնիկ ու այս ուղղութեամբ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան եւ վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի ուսուցումներուն վերադառնալու հարկաւորութիւնը։

Առաջադրանքներու նիւթ եղան նաեւ` դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, քրիստոնէականի ուսուցումը, աղքատներու եւ հիւանդներու հանդէպ ողորմութիւնն ու հոգատարութիւնը։ Առաջադրանքներու մէջ հուսկ խօսուեցաւ աշխարհականներու պատասխանատութեան մասին,- մանաւանդ երիտասարդներունը- ինչպէս նաեւ կնոջ դերի ճանաչումին որպէս հաւատքի եւ յոյսի կենսունակութեան պահպան։ Արդ հրաւէր մը ուղղուեցաւ օգնելու ընտանեկան կառոյցին, որ աւետարանացումի առաջին վայր համարուած է առանց մոռնալու անշուշտ քահանաները ու կղերական ամբողջ դասն ու ժողովրդապետութիւնները որ աւետարանութեան դերակատարներն են։

Սիւնհոդոսական առաջադրանքներու մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը չորս բաժանմունքներով. Միջեկեղեցական, միջկրօնական, հաւատոյ եւ գիտութեան միջեւ եւ ոչ հաւատացեալներուն հետ։ Երկխօսութիւն մը հիմնուած յարգանքի եւ համագործակցութեան գաղափարականի վրայ։

Ի վերջոյ ժողովականները կը հրաւիրեն նայուածք մը ուղղելու ստեղծագործութեան պահպանումին որ սերուդներու միջեւ զօրակցութեան վակյութիւնն է։Եպիսկոպոսները հուսկ կը դիմեն Սուրբ Կոյս Մարիամի` աւետարանցումի Աստղ` որուն շնորհիւ եկեղեցին կարող է շատերուն տունը դառնալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.